Zatik consiglia:
Iniziativa Culturale:

 

 

ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ
ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ
Posted by norkhosq.net on April 24th, 2012
Խաչատուր Ի. Փիլիկեան

Առաւօ՜տ լուսո՜յ, Արեգա՜կն արդա՜ր:
Զարթնելով իսկոյն
24 Ապրիլը ապրիլ կը սկսիմ`
Պատմութեան երթի անարդար յուշը
Արդար պայքարի հողին ցանելով.
Եւ այս` ամէն օր:

Հերկելու հերթին հողը այդ պարարտ
Ամորձիքներս եթէ զիս լքեն…
Կեանքի կորովս հայազգալաբար
Հերկի նոր արօր պիտ’ յղիանայ.
Միայն թէ յուշը Ապրիլի` ապրիմ:

Բայց պատահեցաւ եւ վախըն ինձ պատեց
Յոռի տեսիլքովն յուսահատ երթի:
Պոռթկացի իսկոյն…
Ահն ալ զիս մղեց անվախ ընթանալ`
Կեանքի յուսադիր նոր ուղիներով,
Թեկուզ եւ յաճախ լոկ ընկրկելով:
Ու եղաւ այդպէս…
Ազատն արուեստի շունչը ինձ պատեց,
Զով յագուրդ տալով
Ճանաչողութեան ծարաւիս անշէջ:

Արուեստագէտ եմ` Հայ, յանդուքն, անյոռի
Չորիի աշխատուժով բռնկուած անսանձ ձի,
Գիտազգաց արուեստիս կեղեւներէն սնանող,
Մրգահաւաքս լրիւ հանրութեան գիրկը նետող
Միջազգայնասէր եմ` խրոխտ ու անշեղ,
Ազգային տունը ընդմիշտ պահպանող:

Կեանքի համալսարանի անկուռք տաճարին
Սարկաւաքն եմ` դպիր, ընդմիշտ աշակերտ,
Վերափոխիչ կեանքի իմաստասիրութեան
Վարդապետ բանուոր, անգամ` մարտնչող,
Յորդացող մտքի սրտձայն տակառով
Թմբկահար եմ երթի` բաց քաղաքականութեան:

Մայրական խղճով հարբեցած հայ եմ`
Պատերազմամոլ կոյր-բուճ ուժերու
Չար-բաց աչքերուն
Լոյսը խափանող խաւար տենչացող:

Բիրտ, քոզմոփոլիթ մարդատեացներու
Առաւել շահու անիշխանութեան,
Շահատակութեան մանկլավիկներու ահաբեկչութեան,
Կեղծ ազատականութեան
Յայտնի ու անյայտ պնակալէզներու
Հին-Նոր աստուածները յաւէտ նախատող,
Անխիղճ կուռքերնին անխիղճ պարսաւող
Սփիւռքահայ եմ`
Ռամկասէր կերտող ընկերվարութեան:

Հազար փառք կանչող
Մատեան յառաջդիմութեան երգիչ եմ` Գողթան,
Նոր դպրութեանս` սիրահարփած Տորք`
Անսիրտ հասարակարգի սրտացաւ հսկայ,
Վահագնածնունդ Դաւիթ Սասունցի,
Թոնդրակեան Սմբատ, Աբովեանական սրտով Աղասի,
Արծիւ Անդրանիկ, Փառամազ, Ռոստոմ,
Անգին Շահումեան,
Մաշտոցեան Գիրով, Նարեկեան Ձայնով
Տիր` տասնամեծար Նալպանտեանական,
Խաղաղութեան Աստծոյ ծուխը ծխանող
Մունետիկ Մանուկ,
Խորին Նոր խորհրդով Կոմիտասական
Ժիրազանգ ղօղանջ,
Առաւել սիրոյ արդար հասարակարգի
Յարալէզներու շուն,
Քուչակեան խանդով խինդով սրբացած
Խաչատրեանական գեղօնի երգիչ,
Որմնադիր կերտիչ` Չարենցեան յոյսի
Զուարթ լոյս կեանքի:

Հայ ժողովուրդի մտքին, բազուկին
Հաւատ չընծայող,
Դէպ’ ազատ կեանքի
Ժողովուրդներու երթի խարխափը
Լոկ անկում տեսնող,
Յուսահատութեան, յոռետեսութեան,
Կոյր ուժի հլու,
Մեղկ նահատակութեան կոչին հնազանդ,
Կանաչ արեւով կեանքերնին այրող,
Ընկնող թէ կանգնող
Հայորդիներուն, հայուհիներուն`
Հազար գգուանքով ուշքի վերյարնող
Հայ եմ` լաւատես,
Լոյս զուարթ շնջող:


http://norkhosq.net/2012/04/%d5%b8%d5%b9-%d5%b4%d5%ab%d5%a1%d5%b5%d5%b6-%d5%a1%d5%ba%d6%80%d5%ab%d5%ac-24-%d5%ab%d5%b6/
Posted in general, Genocide, literature, Politics

Khachatur Pilikian

 
Il sito Zatik.com è curato dall'Arch. Vahé Vartanian e dal Dott. Enzo Mainardi;
© Zatik - Powered by Akmé S.r.l.