Zatik consiglia:
Iniziativa Culturale:

 

 

5Dic. 2021 : ՎԱՐԴՕ – Թաքուն հայերու պատմութիւն 2014-12-07

ՎԱՐԴՕ – Թաքուն հայերու պատմութիւն
2014-12-07

Եղբայրս Վարդավառը, օր մը դպրոցէն տուն եկաւ ըսելով. «հայերէնի ուսուցչուհին զիս Վարդօ վերանուանեց»: Այդ օր բոլորիս համար ալ զարմանալի թուեցաւ եղբօրս ստացած վերամկրտումը, քանի որ այդ՝ բացի մեծ հօրս անունը ըլլալէ, նաեւ կը յիշեցնէր մեր հայկական եւ քրիստոնէական կարեւորագոյն աւանդութիւններէն եւ տաղաւարահարաց տօներէն մին: Ու պահ մը յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս նոյն ուսուցչուհին, բարի կամեցողութեամբ, փորձած էր անունս հայացնելով վերածել՝ Մարիանայէն Մարինէի:

«Մարինէ» հայկական անունս, ինքզինք պարտադրեց ուսանողութեանս երկրորդականի շրջանին, սակայն «Վարդօ»ն՝ իմ դժգոհանքիս առընթեր» շարունակեց իր իշխանութիւնը մինչեւ անցեալ Մայիս, երբ դարձաւ իմ հպարտանքիս շարժառիթներէն մին:
Խումբ մը հալէպահայ «խենթ»եր՝ Մայիս 28-ի տօնակատարութեանց ներկայ գտնուելու ձգտումով, Արեւմտահայաստանի ընդմէջէն կ՚ուղղուէին դէպի Արեւելահայաստան: Անոնց ինքնաշարժը ցուցարարներու կողմէ կը կասեցուէր: Ովքե՞ր էին այդ տարօրինակ բնաւորութեամբ մարդիկը…։
Մշոյ դաշտի ՎԱՐԴՕ գիւղի պահանջատէր հայերն էին: Այն գիւղը, որուն մէջ հազարամեակներ առաջ սկիզբ առած էր վարդավառեան տօնակատարութիւնները Աստղիկ դիցուհիի հովանաւորութեամբ, վարդերու տարափով, ուրկէ ստացած էր իր անուանումը ու մինչեւ մեր օրերը պահպանած զայն: Մշոյ դաշտի հիւսիս արեւմտեան շրջանը, Մուշ քաղաքէն 60 քլմթ. դէպի հիւսիս շրջապատուած Պինկոլեան լեռներով ջրառատ գիւղ մըն է Վարդօն, տասնմէկ հազար բնակչութեամբ: Երկու մեծ երկրաշարժերու (1946 եւ1966 թուականներուն) թիրախ դարձած, որոնցմէ վերջինին վէրքերը չեն սպիացած տակաւին: 1071 թուին սելճուքներու արշաւանքով եւ Մանազկերտի ճակատամարտով Վարդօն կ՚անցնի սելճուքներու տիրապետութեան տակ, իսկ 1514թուին՝ օսմանեան: Ու բարեկամս շարունակեց պատմել. «Անոնք իրենց հուժկու մարմիններով մեր ինքնաշարժին ընթացքը կասեցնելով կը ջանային բան մը ըսել՝ գանգատ էր, թէ աղերս՝ չէր հասկցուեր, աւելի ճիշդը այս երկուքին հանրագումարը, որ ահազանգի մը պէս կը հնչէր անոնց ցասկոտ եւ պահանջատէր շրթներէն՝ «Ժամանակին այստեղ հայեր կ՚ապրէին, այժմ եւս կ՚ապրին»: Տարօրինակ էր անոնց արտաքինն ու խօսակցութիւնը: Գիւղի բնակիչները ամբողջութեամբ հայեր էին: Բազմաթիւ փոքրիկ շրջակայ գաւառներով այս աւանը իր բնակչութեամբ՝ ցեղասպանութեան ժամանակ առերես իսլամութիւն ընդունած, արտաքուստ թուրք, քիւրտ մուսլուման ներկայացող, բայց իր ազգային կրօնական նկարագիրը գաղտնի շարունակող, ներամփոփ, խառն ամուսնութիւններէ հեռու մնացած մեր արիւնակիցները կը ներկայացնէր: Խուսափելով ձուլումէն կրցած էին իրենց հայկականութիւնը պահպանել մինչեւ մեր օրերը: Անոնք կը փնտռէին իրենց «եղբայրներ»ը: Տարիներ շարունակ զրկուած իրենց մայրենի լեզուով արտայայտուելու իրաւունքէն՝ պարտադրաբար թուրք կոչուած էին, քանի որ սահմանադրական օրէնքը կ՚ըսէ, թէ Թուրքիոյ տարածքին ապրող քաղաքացիները բոլորն ալ թուրքեր են: Իսկ Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն՝ «Ակունք»ը Երեւանէն կը գրէ. «Այսօր Թուրքիոյ մէջ հայը ազգութիւն չէ, այլ խորհրդաւոր թշնամի»:
Ու Նեմրութ լերան շրջակայքը՝ հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած բնիկ հայեր, իրենց թմբիրէն ելած կը պարզէին իրենց ինքնութիւնը: Զարթօնքի մէջ էին, կը շփէին իրենց քունէն բացուող արտեւանունքները:
Բարեկամիս Հալէպ վերադարձի նոյն օրն իսկ պրպտեցի «ֆէյսպուք»ը՝ արձակագիր Պետրոս Հաճեանի բառերով «Դիմատետր»ը: Մինչ այդ կ՚այպանէի բոլոր «ֆէյսպուք» օգտագործողները, այդ օր այդ «բարիք»ին շնորհիւ կրցայ կապի մէջ մտնել խեղճ ու անտէր հայերու հետ, որոնք ոչ միայն Վարդօ գիւղի, այլ արեւմտահայաստանի տարածքին մեծ մասին ծագումով հայ բնակիչներն էին: Խեղաթիւրուած անուններով, խոր սրտի վիշտով ու կսկիծով մարդիկ, որոնք ծածուկ կը մնան աշխարհի, նոյնիսկ իրենց սփիւռքի արիւնակիցներու ոչ միայն աչքերէն, այլ նաեւ սրտերէն: Ո՞վ կրնար գուշակել, թէ Tulin Eroglu-ն կրնար Թալին Էրմէնիօղլու ըլլալ, որ facebook-ի վրայ թրքերէն լեզուով կը խոստովանի ըսելով. «Լաւ որ երաժշտութիւնը լեզու չունի, թէ ոչ՝ այս հայկական գեղեցկութենէն զրկուած պիտի մնայինք»: Խօսքը՝ facebook-ի իրենց համար վերապահուած էջի մասին է, որուն անունն է «Վարդօ Էրմէնիլէրը»: Կը պարզուի, թէ էջի հեղինակը ծնած է Վարդօ, աւարտած՝ Վարդոյի լիսէն, աշխատած՝ Նիկոլ Գալանտէրեանի անուան բեմարուեստի մանկավարժական համալսարանը, սակայն ներկայիս կ՚ապրի Գերմանիոյ մէջ, իսկ անձնանունը անյայտ կը մնայ մեզմէ…։ Ու ասոր նման իրար ետեւէ կը յայտնագործեմ նաեւ՝ Սասուն, Մուշ, Պիթլիս, Արաբկիր, Սեբաստիա, Պինկէօլ, Վան, Աղրըտաղ, Տարօն… էրմէնիլէրը էջերը: Իւրաքանչիւր «էջ» անուններու եւ պատմութիւններու աշխարհ մըն է, հայու աշխարհ…։ Բոլոր Էրօղլու ազգանուն կրողները ունին հայկական ծագում, որ կը նշանակէ՝ հայորդի: Վարդոյի հայերը իրենց էջին իբր դիմանկար զետեղած են՝ ծեր մամիկ մը ձեռքին զէնք…։ Անոնց ցաւերուն ու հայ ըլլալու տառապանքին, ինչու չէ յետամնաց գիւղաքաղաքի մը մարդիկը ըլլալուն՝ կարելի է հաղորդակից դառնալ այս միջոցով եւ թերեւս մտածել լուծումներու մասին, անշուշտ հայրենի պետական աջակցութեամբ եւ մակարդակով, ծածուկ կամ բացայայտ: «Անատոլուի Հայեր» էջը կը գրէ թրքերէնով. «Մեր նպատակն է Արեւմտահայաստանի եւ աշխարհի տարբեր մասերուն սփռուած հայեր իրարու կապել եւ իրենց անցեալին հասու դարձնել»: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՛ս լուցկիի ցպիկը ե՛ւ աւերող, ե՛ւ պիտանի յատկանիշներ ունի, նոյնը կարելի է ըսել նաեւ համացանցին եւ այս հրաշք պատեհութեան՝ «ֆեյսպուք»ին համար, ուր փոքրիկ սեղմումով մը «like» ընելով կամ՝ «հաւանել»ով, որ իմ հայերէնով թարգմանուած տարբերակս է, կրնամ ցաւած հայու մը աչքերուն ժպիտ պարգեւել: Իմ երկու բառովս, մխիթարական խօսքովս զգացնել, որ իրենք առանձին չեն: Նախ պէտք է ընդունիլ ու կազդուրել զանոնք խօսքով: Ու հոն այդ «էջ» ըսուածին վրայ ամէն յանցանք եւ թերութիւն բացայայտ է: Իսկ ինչ որ կը հրատարակես՝ բոլորին սեփականութիւնը կը դառնայ, ու իրենց վիշտը կը համակէ քեզ: Այս միջոցով կարելի է ծանօթանալ իրենց ներքին կեանքին: Մշոյ բարբառին՝ աղաւաղուած թրքերէնով կամ ալ քրտերէնով՝ Վարդոյի հայերէնին: Անոնցմէ մաս մը նաեւ կը ճանչցուին իբր «զազա» եւ իրենց լեզուն զազերէնն է: Վերջերս Հայաստանի մէջ իրենց նուիրուած գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ, ուր հրաւիրուած էին նաեւ իրենք: Այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով, ուր այնքան շոյուած ու «հայ» զգացած էին:
Մեկնաբանող «commenter» մը Հայաստանէն կը հարցնէ facebook.-ի վրայ. «Ի՞նչ լեզու է…»: Տեսանիւթերու ընդմէջէն կը ծանօթանամ անոնց երգ ու բառին, խանձուած դիմագիծերուն, հայկական աչքերուն, ամենակարեւորը՝ հայու տանջուած բաբախող սրտին: Անոնք շատ անգամ թուրքերու կողմէ կը շփոթուին քիւրտերու հետ եւ իրենց ճակատումներու ընթացքին կամ իրենց իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ կը նահատակուին իբր քիւրտ խռովարարներ: Նոյնիսկ անոնց մէկ մասը կը մասնակցի Ասալայի զինեալ պայքարին…։ Կը պատահի նաեւ հակառակը՝ երբ թուրքերը կ՚եզրակացնեն, թէ այն ինչ որ խորհրդաւոր է, կամ ահաբեկչութեան հետ կապուած՝ ուրեմն հայեր կան անոր ետին, կամ ալ ծագումով հայեր են:Կ՚ունկնդրեմ Վարդոյէն՝ Հայկ Եազճեանի «հանին» սկաւառակը՝ հայահունչ երաժշտութիւն, երեք հազար տարիներու խորքէն հնչող իր պարզ հնչերանգով, հայկական տուտուկի եւ քամանչայի ընկերակցութեամբ:
«Մեր տանիտէր պարտքկոր ընկան լէլէ լէլէ լէլէ ջան»Կամ՝ «լորի լորի լորի քամին», որուն բառերը կը շարունակուին զազերէնով, որ կ՚ըսէ՝ «քնացիր մանկիկս հանգիստ քունով, գոնէ գիտեմ, թէ աչքերուս առջեւ ես, մինչեւ գայ «արթննալու» օրդ… լորի լորի լորի քամին…»:
Դարձեալ մէկը՝ ըստ երեւոյթին ինծի պէս նոր ծանօթացած այս մարդոց, այս անգամ Հայաստանէն կը գրէ. «Ի՞նչ լեզու է…»։Տեսահոլովակներուն բոլոր դէմքերը արցունքոտ աչքերով, մանկական ցեխոտած դէմքերով, պատռտած հագուստներով, թշուառ մարդիկ են: Աստուա՛ծ իմ, մարդ որքան անխիղճ ըլլալու է, որ իր ականջները կարենայ փակել անոնց աղաղակին ու կոչին…։
Անոնք կորսնցուցած իրենց մարդկային տարրական իրաւունքները՝ լեզուն եւ բարեկեցութիւնը, ուրիշի իշխանութեան տակ տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել: Ծայրայեղ թշուառութեան մէջ ապրող հայեր: Հարց կու տամ ես ինծի. «Եթէ հոն մնացած ըլլայի, արդեօք ես ալ նոյն վիճակին մէջ չէի՞ ըլլար…»։
Անատոլուի հայեր էջին մէջ կը կարդամ թրքերէնով. «Իմացիր, թէ այն, ինչ որ, տխուր սրտով հեռացած ատեն ձգած ես, վերադարձիդ այլեւս չես գտներ…»:
Անոնք իրենց հողին վրայ կ՚ուզեն ապրիլ իբր հայ: Այս մարդիկը ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունին մեր կարեկցութեան ու աջակցութեան: Անոնց վրայ իշխող պետութիւնը ներքնապէս քայքայուած է, եւ անոնք երկրորդ եղեռնի մը վախով ու սարսափով կ՚ապրին: Միթէ Արցախը, Ջաւախքը եւ Սփիւռքը Հայաստանի վիրաւոր հատուածներն ու զաւակներն են, իսկ ասոնք՝ ո՞չ:
Այսօր աւելի շատ հայութիւն ունինք Արեւմտահայաստանի մէջ, քան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անոնք երեքուկէսէն չորս միլիոն հայութիւն են «ըստ Հայկազուն Ալվրցեան»ի, մեծ մասամբ քրտացած եւ թրքացած, որոնց հսկայ մէկ տոկոսը կ՚ուզէ վերադառնալ իր արմատներուն: Անոնց մեծ մասը գաղտնօրէն պահպանած են իրենց քրիստոնէական աւանդութիւնները, ամուսնացած՝ իրենց բախտակից ծպտեալ հայերու հետ, արտաքնապէս ներկայանալով իբր թուրք կամ քիւրտ: Իսկ տարբեր փաղանգ մըն ալ թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ մուսլիմանութիւնը բռնութեամբ դաւանած է: Նոյնիսկ անոնց մէկ մասը տեղեակ անգամ չէ, թէ իրենց մեծ հայրերն ու մայրերը բռնի կրօնափոխութեան ենթարկուած են: Սակայն հսկայ մեծամասնութիւնը ամուր գրկած իր գաղտնիքը կը սպասէ արմատներուն վերադառնալ…։
Արեւմտահայաստանի հողին վրայ ոտք դնելու առանձնաշնորհումին տակաւին չարժանացայ, սակայն օրն ի բուն այդ հողերուն վրայ արեան գնով ապրող, այդ հողերու իսկական տէրերուն, որոնք ամուր կառչեցան իրենց հողին, այդ հայերուն հետ հոգեկան կապի մէջ ըլլալը զօրաւոր ներուժ կը պահանջէ…։
Վերջերս Ալաշկերտի շրջանէն ծագումով հայեր կը գրեն. «Ի՛նչ զատիկ, ի՛նչ հատիկ, երբ մենք ուրախ չենք եւ ուրիշի իշխանութեան տակ եւ անոր սպառնալիքներով կ՚ապրինք»:Մշոյ դաշտի Վարդօ գիւղի կամ Մուշի, Տիգրանակերտի, Տարօնի, «եւ կարելի է շարել գրեթէ մեր բոլոր բռնագրաւուած գիւղերու եւ քաղաքներու անունները» մեր արիւնակից քոյրերն ու եղբայրներն են: Կորսնցուցած՝ լեզու, երջանկութիւն, բարօրութիւն, բայց ո՛չ հող, թէեւ ուրիշին կարծուած եւ ուրիշէն խլուած մեր հողը իր իսկական սեփականատէրերուն ոտքերուն, անոնց ոտքերուն տակ է: Ամուր կառչած իրենց հողին դեռ կը սպասեն զիրենք լքած, բայց անգամ մըն ալ ետեւ չդարձած հարազատներուն…։
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
http://www.horizonweekly.ca/news/details/44791/print
Share this:
TwitterFacebook
Yorumlar kapatıldı.

Vartanian

 
Il sito Zatik.com è curato dall'Arch. Vahé Vartanian e dal Dott. Enzo Mainardi;
© Zatik - Powered by Akmé S.r.l.